2015-10-20 12:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 20 հոկտեմբեր 2015ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի Ասորի Մալանքար համայնքի աւագ արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պազէլիոս Քլիմիս Թոթունքալին` ապա Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Իպարհիմ Իսաաք Սիտրաքին։

Բացի այս հանդիպումներէն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Ընտանիքի մասին Վատիկանի մէջ գումարուած  եպիսկոպոսներու 14-րդ սովորական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն որոնք պիտի եզրափակուին յառաջիկայ կիրակի 25 հոկտեմբերիկն, Սուրբ Պետրոսի մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ։  Յայտնենք որ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը սկիզբ առին անցեալ 4 հոկտեմբերին, աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած 270 սիւնհոդոսական հայրեր մասնակցութեամբ։

Երեքշաբթի 20 հոկտեմբերի առաւօտեան աշխատանքային նիստերը յատկանշուեցան ''լեզուային փոքր խումբերու'' հաւանքներով, որոնց ընթացքին քննարկուեցաւ սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի ''Instrumentum laboris''  երրորդ ու վերջին բաժինը` ''Ընտանիքի ժամանակակից առաքելութիւնը'' որուն ենթանիւթերն են. Ընտանիք եւ աւետարանութիւն։ Ընտանիք, կազմաւորում եւ պետական հիմնարկները։ Ընտանիք ուղեկցութիւն եւ եկեղեցական համալրում։ Ընտանիք, որդեծնութիւն  եւ դաստիարակութիւն։  Որդեծնութեան պատասխանատուութիւնը։ Մարդկային կեանքը անշօշափելի խորհուրդ եւ դաստիարակութեան մարտահրաւէրը ու ընտանիքի դերը աւետարանութեան ի սպաս։

Մինչ յետմիջօրէին տեղի կ՛ունենայ սիւնհոդոսի 14րդ ընդհանուր հաւաքը որուն ընթացքին կը ներկայացուին լեզուային փոքր խումբերու վերոնշեալ նիւթին մասին պատրաստած զեկոյցները ապա տեղի կ՛ունենայ սիւնհոդոսի ''Խորհուրդի'' ընտրութիւնը։

Յայտնենք որ սիւնհոդոսի ընդհանուր 15-րդ նիստը նախատեսուած է հինգշաբթի 22 հոկտեմբերի յետմիջօրէին մինչ չորեքշաբթի 21 հոկտեմբերը արձակուրդի օր համարուած է որուն ընթացքին ''Վերջնական Զեկոյցի շարադրութեան յանձնախումբը'' պիտի հաւաքուի շարադրելու համար ''Ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի Վերջնական Զեկոյցը'' որ ապա` նախ քան վերջնական հրատարակումը կը քննարկուի սիւնհոդոսական հայրերու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.